2014-10-04 12:17:59

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի գործունէութինը` Աղօթքի հսկում Եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի նախօրեակին։


Շաբաթ, 4 հոկտեմբեր 2014-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Եպիսկոպոսներու Ժողովի կառավարիչը Կարդինալ Մարք Ուելլէն, որմէ ետք ընդունեց Միացեալ Նահանգներու եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախագահ գերապայծառ Էդուարտ Քիւրդս, որուն կ՛ընկերանային համահաւաք դասի փոխ նախագահ` Կարդինալ Դանիէլ Տի Նարտօ, դասի ընդհանուր քարտուղար` գերապայծառ Ռոնի Ժէնքինս ու ենթաքարտուղար գերապայծառ Պրայան Պրանսֆիլտ։
Նորին Սրբութիւնը ապա յաջորդաբար ընդունեց` Պուրունտիի մօտ առաքելական նուիրակ` գերապայծառ Վոյչէք Զալուսքին ու Սդրազպուրկի Եւրոխորհուրդի մօտ Սուրբ Աթոռի մնայուն դէտ` գերապայծառ Բաոլօ Ռուտելլին։ Ապա ժամը 12,15-անց, Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ, Սրբազան Հայրը ունկնդրութիւն շնորհեց մարզական “Believe To Be Alive - Հաւատայ որ ապրիս” ձեռնարկի մասնակցող` 7 հազար անկար մարզիկներուն։ Մինչ երեկոյեան ժամը 6 էն-7,30,Սուրբ Պետրոսի հրապարակի տարածքին, Վատիկանի մէջ նախատեսուած Եպիսկոպոսական ընդհանուր եւ արտակարգ Գ Սիւնհոդոսի նախօրեակին, Նորին Սրբութիւնը կը նախագահէ աղօթքի եւ խորհրդածութեան հսկումի արարողութիւնը կազմակերպուած Իտալիոյ եպիսկոպոսական Համահաւաք դասի նախագահութեան ձեռնարկով, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն նաեւ սիւնհոդոսական հայրերը։ Հսկումի արարողութիւնը կ՛եզրափակուի Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի արտասանած պատգամով։
Յայտնենք թէ Եպիսկոպոսական Գ ընդհանուր եւ արտակարգ սիւնհոդոսը տեղի կ՛ունենայ Վատիկանի Սիւնհոդոսական դահլիճին մէջ, 5 – 19 հոկտեմբեր 2014, եւ ունի որպէս բնաբան ''Ընտանիքի հովուական մարտահրաւէրները աւետարանութեան շրջագիծէն ներս''։
Սիւնհոդոսական նիստերուն կը մասնակցին 250-է աւելի պատուիրակներ` Կարդինալներ, Եպիսկոպոսներ, Արեւելեան Եկեղեցիներու պատրիարքներ, քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ, եկեղեցականներ, մասնագէտներ եւ աշխարհականներ։
Վերոյիշեալ սիւնհոդոսի գումարումը յայտարարուած էր, 8 հոկտեմբեր 2013-ին։ Եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի ընդհանուր զեկուցողն է` Կարդինալ Փիթէր Էրտօ` Հունգարիոյ Պուտաբեշտի Արքեպիսկոպոսը, մինչ Սիւնհոդոսի յատուկ քարտուղարութիւնը յանձնուած է Իտալիոյ Վասթօ – Քիէթի թեմին արքեպիսկոպոս` գերապայծառ Պրունօ Ֆորթէի ( Ֆրանչիսկսոս Քահանայապետի նշանակութեամբ 14 հոկտեմբեր 2013-ին)։
15 մարտ 2014-ին, Ֆրանչիսկսոս Պապը, վերոյիշեալ Եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի նիստերու նախագահներ անուանեց` Կարդինալ Անտրէ Վէն Թրուան` Փարիզի Արքեպիսկոպոսը, Կարդինալ Լուիս Անթոնիօ Թակլէ Մանիլայի Արքեպիսկոպոսը եւ Կարդինալ Ռայմունտօ Տամաշէնօ Ասսիզ` Ափարեսիտայի Արքեպիսկոպոսը։
Յայտնենք որ Ընտանիքն նուիրուած սիւնհոդոսի աշխատանքները պիտի շարունակուին նաեւ 2015-ին նախատեսուած եպիսկոպոսական սովորական սիւնհոդոսի ընթացքին, որուն աւարտին պիտի հրատարակուի նաեւ սիւնհոդոսական վաւերաթուղթը։








All the contents on this site are copyrighted ©.